2014-08-29 09:31:01

Առաջին աշխարհամարտի հարիւրամեակի առթիւ` Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛այցելէ Իտալիոյ ''Ռէտիփուլիայի'' յուշահամալիրը։


Յառաջիկայ 13 սեպտեմբեր 2014-ին, առաջին աշխարհամարտի հարիւրամեակին առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կ՛այցելէ Իտալիոյ Ֆրիուլի-Վենեցիա – Ճուլիա մարզին մէջ գնտուող` Ֆոլիանօ Ռէտիփուլիայի զինուորական յուշահամալիրը, նուիրուած առաջին աշխարահամարտի զոհերուն, ուր զետեղուած են համաշխարհային պատերազմի զոհ` 100 հազար զինուորներու դիակները, որոնց 60 հազարը անյայտ ինքնութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապը, 13 սպետեմբերի առաւօտեան ժամը 7,30-ին, կը մեկնի Վատիկանէն եւ կ՛ուղղուի Հռոմի Չամփինօ օդակայան, ուրտեղէն կը մեկնի դէպի ''Ռոնքի Տէյ Լէճոնարի'' օդակայան, ուր կը ժամանէ 8,50 անց։ Ժամը 9,15-ին Սրբազան Հայրը կ՛այցելէ Ֆոլիանօ Ռէտիփուլիայի Աւստրա-հունգարական գերեզմանը` ուր թաղուած են Աւստրա-հունգարացի 14,550 զինուորներ։ Նորին Սրբութիւնը աղօթքի պահ մը ամփոփումէ ետք, այնտեղ կը զետեղէ ծաղկեպսակ մը ու ապա կ՛ուղղուի Ֆոլիանօ Ռէտիփուլիայի զինուորական յուշահամալիր ուր կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի բացօդեայ արարողութիւնը, որուն աւարտին նոյն վայրէն կ՛արտասանուի ''բոլոր պատերազմներու զոհերուն'' նուիրուած յատուկ աղօթք մը։
Սրբազան Քահանայապետը այս առթիւ արարողութեան մասնակցող բոլոր եպիսկոպոսներուն եւ բանակի մատրանապետներուն կը յանձնէ ''կանթեղ'' մը, որ ապա պիտի վառուի, իրենց թեմերուն մէջ կազմակերպած` առաջին աշխարհամարտի յիշատակին նուիրուած արարողութիւններու ընթացքին։
''Ռէտիփուլիայի'' յուշահամալիրի տարածքին տեղի ունեցած սրբազան արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը` ժամը 12-ին, հրաժեշտ կ՛առնէ ու վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.